2015-07-11 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Փարակուէյ` հանդիպում Քաղաքական աշխարհին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 10 յուլիսի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ, հրաժեշտ առնելէ ետք Պոլիվիայէն,  տեղական ժամով 3-ին (Հռոմի ժամով 21-ին) ժամանեց Փարակուէյ, Լատին Ամերիկեան առաքելական այցելութեան երրորդ ու վերջին հանգրուանը։ 

Փարակուէյի առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը, Փարակուէյի նախագահական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ կառավարական, պետական եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպման սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փարակուէյի նախագահ Տիար Օրասիօ Մանուէլ Քարթէս Ժարան, ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն, հուսկ տեղի ունեցաւ երաժշտական ներկայացում։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան եւ առաքելական ճամբորդութեան կազմակերպութեան համար, յայտնեց թէ Փարակուէյի պատմութիւնը ճանչցաւ պատերազմի ահռելի տառապանքը, եղբայրասպան հակամարտութիւնը, ազատութեան պակասը ու մարդկային իրաւունքներու խախտումը։ Ասոր համար գնահատանքի արժանի է Փարակուէյի ժողովուրդին, հակազդեցութեան եւ հաստատակամութեան հոգին, յաղթահարելու համար բազմաթիւ դժուարութիւնները ու յարատեւելու խաղաղ ու բարգաւաճ ազգի մը կառուցումին ի շահ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յարգանքի տուրք մատոյց այդ ''պարզ փարակուէյեցիներուն'' որոնց անունները չեն յիշուիր պատմութեան գիրքերու մէջ բայց եւ կը մնան իրենց ժողովուրդին իսկական դերակատարները, յատկապէս ընտանիքինը, կիները եւ այրիները որոնք կարողացան յառաջ տանիլ ընտանիքն ու երկիրը, աւելի լաւ ապագայի մը յոյս ներշնչելով։

Ազգ մը որ իր անցեալը, իր պատմութիւնը եւ իր արմատները կը մոռնայ ապագայ չունի – ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ յիշատակը կ՛ազատագրէ վրէժխնդրութեան եւ ատելութեան զգացումներէն ու անցեալը կը ներկայացնէ որպէս ներշնչումի աղբիւր, կերտելու համար համակեցութեան ու ներդաշնակ ապագայ մը, այն գիտակցութեամբ  թէ պատերազմը անհեթեթ ու ողբերգական է։

''Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ եղբայրներու միջեւ։ Կերտենք խաղաղութիւնը'' հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով խաղաղութեան կարեւորութիւնը նաեւ առօրեային մէջ, յորդորելով խուսափիլ ամբարտաւան վերաբերմունքէ եւ վիրաւորական խօսքերէ ու զարգացնել հասկացողութիւնը, երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց Փարակուէյի յանձնառումին կերտելու ժողովրդավար կայուն ծրագիր մը ու գնահատեց մինչեւ օրս առնուած քայլերը ու այս ուղղութեամբ իրագործուած յառաջդիմութիւնը, շնորհիւ բոլորին ջանքերուն։ Ձեզ կը քաջալերեմ ամէնքդ` բոլոր ձեր ուժերով աշխատելու, ի սպաս ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ իշխանութիւններու  ամրապնդումին, այնպէս որ անոնք կարենան համապատասխանել քաղաքացիներուն արդար ձգտումներուն – յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորելով հասարակական կեանքէն ներս ամրապնդել երկխօսութիւնը որպէս նախընտրուած միջոց` խթանելու հասարակաց բարիքը որուն շրջագիծէն ներս կարիքաւորները առաջնակարգ տեղ գրաւելու են։

''Թող կանգ չառնեն բոլոր ընկերային կեանքի դերակատարներու ջանքերը մինչեւ այն ժամանակ ուր այլեւս առանց ուսմունքի երախաներ չմնան, առանց տունի ընտանիքներ ու առանց արժանավայել աշխատանքի աշխատաւորներ, ինչպէս նաեւ չմնան առանց հողի հողագործեր ու չմնան անձեր որոնք ստիպուած ըլլան գաղթել դէպի անորոշ ապագայ­, ու մինչեւ այն ատեն ուր այլեւս բռնութեան, կաշառակերութեան եւ թմրանիւթերու վաճառականութեան զոհեր չի գտնուին։

''Տնտեսութեան նախատիպի չափանիշը ըլլալու է մարդ արարածի արժանապատուութիւնը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ապահովեցուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այս ուղղութեամբ, յանձնառումն ու համագործակցութիւնը միաբանաբար կերտելու համար արդար եւ ընդգրկող ընկերութիւն մը որուն մէջ կարելի ըլլայ խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութիւնը։

Որովհետեւ ամէնքս, նոյնիսկ Եկեղեցւոյ Հովիւները կանչուած են մտահոգուելու աւելի լաւ աշխարհի մը կերտումով յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառը եզրափակեց հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու մաղթանք յայտնելով որ Փարակուէյը  բարգաւաճի ու միշտ զօդուած մնայ Քաաքուփէյի Տիրամօր` որուն նուիրագործուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.